Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին,Հինգշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, տեղի ունեցաւ «Ճանպազեան» կեդրոնի վաճառատուներու բացումը:
Ճանպազեան կեդրոնի հողամասը նուիրատուութիւնն է ճանպազեան ընտանիքին, իսկ շինարարական աշխատանքները իրականացուած են Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարի Մարաշլեան, որմէ ետք գիւղի հոգեւոր հայրերը, ճանպազեան ընտանիքը եւ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահը բացումը կատարեցին կեդրոնին:
Ապա, Հայր Վարուժան Հերկելեան, հոգեւոր հայրերուն ընկերակցութեամբ օրհնութիւնը կատարեցին կեդրոնին, այնուհետեւ ճանպազեան ընտանիքէն իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Ժագ Ճամպազեան եւ Անի Ճանպազեան-Հասերճեան:
Աւարտին, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահը եւ կեդրոնի ճարտարապետ՝ Հրաչ Մարգարեան, յուշանուէրներ յանձնեցին Ճանպազեան ընտանիքի անդամներուն:



